2016-06-01 08:49:00

Քահանաներու Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ նշում` 1 – 3 Յունիս 2016։


(Ռատիօ Վատիկան) 1 – 3 Յունիս 2016-ին,  Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին 160-րդ տարեդարձին առթիւ,  հաստատուած Պիոս Թ քահանայապետի օրով 1856-ին հաստատուած կը նշուի Քահանաներու ողորմութեան Յոբելեանը որուն օրակարգը կը նախատեսէ։

Առաջին օր ժամը 9-16 աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն ապա խոստովանանք ու սուրբ դուռերու ուխտագնացութիւն Հռոմի Յոբելենական Եկեղեցիներուն մէջ ապա 17.30-ին պատարագ։

Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ նշման երկրորդ օրը` Հինգշաբթի 2 Յունիսին նախատեսուած է հոգեւոր կրթութիւն զոր պիտի քարոզէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որուն առաջին խորհրդածութիւնը նախատեսուած  է Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ հինգշաբթի 2 յունիսի  առաւօտեան ժամը 10-ին մինչ երկրորդը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ ժամը 12-ին ու երրորդը յետմիջօրէի ժամը 4-ին Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ։

Վերջին օրը Ուրբաթ` 3 Յունիսի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է Քահանաներու Յոբելեանի եզրափակիչ սուրբ պատարագը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.